
Ստորեւ նամակին բովանդակութիւնը:
“Ձերդ Սրբութիւն,
Լիայոյս եմ, որ Ձեր աստուածահաճոյ ծառայութիւնն ու հոգածութիւնը իրենց նպաստը կը բերեն այս դժուար օրերուն, ամբողջաշխարհի մէջ խաղաղութեան, բարութեան եւ հանդուրժողականութեան հաստատման:
Հայաստանը մեծապէս կը գնահատէ Սուրբ Աթոռին հետ տարբեր ոլորտներու մէջ առկայ, կառուցողական երկխօսութինն ուքրիստոնէական նոյն արժէքներէն բխող երկկողմանի կապերու զարգացումը:
Կը յուսանք, որ բարձր մակարդակի երկխօսութեամբ՝ մեր առանձնայատուկ յարաբերութիւնները կը շարունակեն իրենցվերընթաց զարգացումն ու ամրապնդումը համագործակցութեան այն բարի աւանդութեամբ, որոնք գոյութիւն ունին Հայաստանի եւ Սուրբ Աթոռին միջեւ:
Ձեզի կը մաղթենք քաջառողջութիւն եւ անսպառ կորով:
Ընդունեցէք խնդրեմ, Ձերդ Սրբութիւն, խորին յարգանքներուս հաւաստիքը :”