Երէկ, Չորեքշաբի Մարտ 25ի տեղի ունեցաւ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Երիտասարդական կազմակերպութեան առաջին հանդիպումը, մասնակցութեամբ քսանհինգ հայ երիտասարդներու , որոնք Արժանթին կ’ապրին:
Այս մարմինը, զոր կազմեց Հայր Մաղաքիա վարդապետ Ամիրեան, իր շաբաթական հանդիպումները պիտի ունենայ առաջնորդարանին մէջ, ուր պիտի խօսուին մշակութային, կրօնական, ազգային եւ այլ բնոյթի նիւթերու շուրջ:
Կոչ կ’ողղուի բոլոր երիտասարդներուն, որպէսզի իրենք եւս միանան այս նորաստեղծ կազմակերպութեան: