Հայաստանի հանրապետութեան կառավարութիւնը իր հաւանութիւնը յայտնեց ՀՀի Ազգային ժողովի օրէնսդրական նախաձեռնութեան, որ կ’առաջարկէ Դեկտեմբեր 9 ընդունիլ որպէս յիշատակի օր «աշխարհի մէջ գործուած բոլոր ցեղասպանութիւններուն:
Փետրուար 12 ին տեղի ունեցած հանդիպումի ընթացքին, ՀՀ արտաքին գործոց փոխ-նախարար՝ Շաւարշ Քոչարեան ըսած է,որ կառավարութիւնը որեւէ առարկություն չունի օրինագիծի վաւերացման դէմ:
Քոչարեանը յայտնած է նաեւ, թէ այդ նախագիծին մէջ Ապրիլ 24 պիտի յիշուի որպէս « Հայոց ցեղասպանութեան ոգեկոչման օր»: