Մարտ 3ին Պուլկարիոյ դեսպանատան մէջ տեղի ունեցաւ Պուլկարիոյ անկախութեան տարեդարձի տօնակատարութիւնը, երբ երկիրը 1878ին վերջնականապէս կրցաւ ազատագրուիլ Օսմանեան կայսրութեան լուծէն:
Հայ Կեդրոնիվարչական Խուան Սարրաֆեան , գաղութներու միութեան նախագահի իր հանգամանքով ներկայ գտնուեցաւ սոյն տօնակատարութեան:
Ներկայ էին նաեւ տարբեր երկիրներու դիւանագէտներ , կառավարական պաշտօնատարներ եւ պուլկարական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ, որոնք դիմաւորուեցան Պուլկարիոյ հանրապետութեան դեսպանին կողմէ: